Embed
Email

Notice of School Identified for PI Year 1 (Armenian)

Document Sample
Notice of School Identified for PI Year 1 (Armenian)
Notice of school identified for program improvement, for use by county offices of education.

T07-008 Armenian(Western), Sylfaen font

Page 1 of 7 California Department of Education 8/28/2007







[COUNTY OFFICE OF EDUCATION LETTERHEAD]





[DATE]





[Name of school] Աշակերտներու Ծնողներ եւ Խնամակալներ:





ՏԵՂԵԿԱՆՔ՝ ԴՊՐՈՑԻ ՄԸ ԲԱՐԵԼԱՒՄԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ (ԲԵ) ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ



ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻ







Այս նամակի նպատակն է ձեզ տեղեակ պահել, թէ [Name of school] վարժարանը

նկատի առնուած է իբրեւ Program Improvement (PI) Բարելաւման Ենթակայ (ԲԵ)

վարժարան, ըստ No Child Left Behind (NCLB) Ոեւէ Մանուկ Ետ Չձգել (ՈՄՄԵՉ) 2001

թուականի օրէնքին:



Ի՞նչ կը նշանակէ ԲԵ:



Մեր գաւառի Կրթական Գրասենեակը նպաստ կը ստանայ զանազան աղբիւրներէ,

որոնցմէ մին Title I, Part A-ի նախատեսած ծրագիրն է, որ կը տրուի դաշնակցային

կառավարութեան կողմէ: ՈՄԵՉ-ը կը պահանջէ, որ նահանգները ճշդեն թէ

նախակրթարանի առաջին դասարանէն մինչեւ երկրորդականի 12-րդ դասարանի

իւրաքանչիւր աշակերտ անգլերէնի, արուեստի եւ թուաբանութեան մարզերուն մէջ

ի՞նչ պէտք է սորվի եւ իւրացնէ իր դասարանի մակարդակին համեմատ:

Քալիֆորնիան արդէն իսկ այս գծով բաւականին յարգուած ծրագիր մշակած է

նահանգի վարժարաններուն համար: Վարժարանները այս ծրագիրը օգտագործելով

պէտք է իւրաքանչիւր տարի քննեն, թէ իրենց աշակերտները տուեալ նիւթերուն մէջ

կը յաղթահարե՞ննահանգի դրած չափանիշերը: Իւրաքանչիւր վարժարան իր կարգին

քննութեան ենթակայ է ամէն տարի՝ ճշդելու համար եթէ ան կ՛ամբողջացնէ նահանգի

կրթական խորհուրդի որդեգրած տարեկան դրութիւնը, ինչպէս նաեւ տեսնելու

համար,եթէ այդ դպրոցին աշակերտները կ՛ամբողջացնեն իրենց adequate yearly

progress (AYP) Տարեկան Բաւարար Յարաջընթացը (ՏԲՅ)-ն: (ՏԲՅ)-ն հիմնուած է քանի

մը պարագաներու վրայ, որոնք են՝

Notice of school identified for program improvement, for use by county offices of education.

T07-008 Armenian(Western), Sylfaen font

Page 2 of 7





 Քալիֆորնիոյ իւրայատուկ հաշուետուութեան չափանիշերը՝ Academic

Performance Index (API) Ակադեմական Աշխատանքի Ցուցանիշը (ԱԱՑ)-ն

 Քալիֆորնիոյ նահանգային քննութիւններուն «բաւարար» կամ «յառաջադէմ»

գնահատուող աշակերտներու համեմատութիւնը՝ անգլերէնի, արուեստի եւ

թուաբանութեան մարզերուն մէջ

 Այս քննութիւններուն մասնակցող աշակերտներուն համեմատութիւնը

 Երկրորդական վարժարաններու պարագային՝

շրջանաւարտներուհամեմատութիւնը





Երբ նահանգային մարմինները կը քննեն դպրոցական շրջանի մը մէջ գտնուող

վարժարանի մը յառաջդիմութիւնը, նահանգը այդ վարժարանը կը քննէ իբրեւ մէկ

ամբողջութիւն եւ իբրեւ աշակերտական ենթախումբեր1 Տարեկան Բաւարար

Յառաջընթացը՝ ՏԲՅ-ն ճշդելու համար: Այս իմաստով դպրոց մը պէտք է քննէ իր

աշակերտներուն 95 առ հարիւրը եւ կարեւոր ենթախումբերու աշակերտներուն 95 առ

հարիւրը: Յատուկ չափանիշեր կը ճշդուին «բաւարար» գնահատուող աշակերտներու

համեմատութիւնը տարուէ տարի աւելցնելու, այն նպատակով որ բոլոր

աշակերտները առնուազն «բաւարար» պիտի գնահատուին մինչեւ 2014 թուականը:

Իւրաքանչիւր դպրոց ու իր աշակերտական ենթախումբերը պէտք է բարձրացնեն

իրենց ԱԱՑ-ն (API), ինչպէս նաեւ դպրոցի տարեկան շրջանաւարտներու

համեմատութիւնը:



The California Department of Education (CDE) Քալիֆորնիոյ Կրթական Բաժանմունքը

(ՔԿԲ) պէտք է իւրաքանչիւր տարի հրապարակէ դպրոցներու տուեալները, ցոյց

տալու եթէ անոնք կրցած են հասնիլ կամ իրենց տարեկան ՏԲՅ-ին: Միայն այն

վարժարանները որոնք երկու տարի շարունակ Title l, Part A-ի հիմամբ նպաստ կը

ստանան եւ յառաջդիմութիւն չեն արձանագրեր կը վերածուին Program Improvement

(PI) Բարելաւման Ենթակայ (ԲԵ) վարժարանի: Նման անուանում ստացած

դպրոցները պէտք է ընտրութեան կարելիութիւններ ստեղծեն աշակերտներու

ծնողներուն եւ փորձեն բարելաւել իրենց աշխատանքը:



Բոլոր դպրոցներու ԲԵ-ի վիճակի մասին տեղեկութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ

տրամադրելի են http://www.cde.ca.gov/ta/ac/ar/index.asp համացանցի կայքէջին կամ

[Name of county office of education]-ի հետեւեալ կայքէջին վրայ՝ [______________]: Եթէ



1

Աշակերտներու խմբակցութիւն մէ կրնայ մինչեւ 100 աշակերտէ բաղկանալ: Այս տեսակի 10

խմբակցութիւններ կան որոնք կէ գործածուին Տարեկան Բաւարար Յառաջդիմութեան (ՍԲՅ) մէջ:

Ասոնցմէ եբ՝ Ափրիկեցի-Ամերիկացի, Ամերիկացի-Հնդիկ, Ասիացի, Ֆիլիփինօ, Հիսփանիք-Լաթինօ,

ԽաղաղականՈվկիանոսցի, Ճերմակամորթ, Սոցիալօրէն անբաւարարշ Անգլերէն սորվող եւ

ֆիզիքական կամ այլ դժոըարութիւններ ունեցող աշակերտական խմբակցութիւնները:





2

Notice of school identified for program improvement, for use by county offices of education.

T07-008 Armenian(Western), Sylfaen font

Page 3 of 7





համացանց գործածելու կարելիութիւնը չունիք, կապ հաստատեցէք վարժարանի

պատկանած դպրոցական շրջանի գրասենեակի հետեւեալ անձին հետ՝ [Name and

contact information of county person], որպէսզի վարժարանին մասին պատրաստուած

տեղեկագրէն օրինակ մը ստանաք:









Մեր Դպրոցը Ինչո՞ւ ԲԵ Դպրոց Է:



Անցնող գարնան աշակերտներու կատարած քննութիւններու արդիւնքէն մեկնելով,

[Name of school] վերածուած էր ԲԵ վարժարանի հետեւեալ պատճառներով՝ [Delete

items below that do not apply or add new items.]



 Դպրոցը կամ դպրոցի աշակերտներու մէկ կամ աւելի ենթախումբեր անգլերէն

լեզուի եւ լեզուական յարակից նիւթերուն մէջ նահանգին ճշդած տարեկան

չափանիշը յաղթահարած չէ.

 Դպրոցը կամ դպրոցի աշակերտներու մէկ կամ աւելիխմբաւորումներ

թուաբանութեան մէջ նահանգին ճշդած տարեկան չափանիշը յաղթահարած չէ.

 Դպրոցը կամ դպրոցի աշակերտներու մէկ կամ աւելի խմբաւորումներ

մասնակցութեան եղանակին մէջ նահանգին ճշդած տարեկան չափանիշը

յաղթահարած չէ.2

 Դպրոցը իրմէ պահանջուած շրջանաւատներու տոկոսին հասած չէ.

 Դպրոցը իրագործած չէիրմէ պահանջուած Academic Performance Index3 (API)

Ակադեմական Յառաջդիմութեան Ցուցանիշի (ԱՅՑ) նպատակները.





Ձեր Զաւակը Այլ Դպրոց Փոխադրելու Ձեր Իրաւունքը



Ծնողք մը կամ աշակերտի պատասխանատու մը իրաւունք ունի աշակերտը ԲԵ

չեղող այլ դպրոց փոխադրելու,: Ուղղակի նպաստաւորում ստացող չարթըր



2

Մասնակցութեան տոկոսը կը ստացուի քննութիւնը առնող աշակերտներու թիւը բաժնելով

իրաքանչիւր առարկայի քննութեան օրը դպրոց արձանագրուած աշակերտներու ընդհանուր թիւին

հետ (նոյնը՝ անգլերէնի, արուեստի եւ թուաբանութեան մարզերուն մէջ): Այս համեմատութիւնը

ճշգրտութեան համար անհրաժեշտ է քննութեան ենթարկել աշակերտներուն եւ ենթախումբերու

անդամներուն առնուազն 95 առ հարիւրը: :

3

Ակադեմական Յառաջդիմութեան Ցուցանիշը (ԱՅՑ) 200-ի եւ 1000-ի միջեւ կը տարուբերի եւ կը

խտացնէ դպրոցի մակարդակը՝ ըստ ամբողջ նահանգի աշակերտներուն ստացած քննութեան

արդիւնքին: Դպրոցները պէտք է ԱՅՑ-ի մէկ նիշի բարելաւում ցոյց տան կամ ալ ԱՅՑ-ի նուազագոյն

նիշը ստանան:





3

Notice of school identified for program improvement, for use by county offices of education.

T07-008 Armenian(Western), Sylfaen font

Page 4 of 7





դպրոցներու մէջ արձանագրուած աշակերտները իրաւունք ունին վերադառնալու

իրենց «բնիկ« հանրային դպրոցը։ Եթէ «բնիկ» հանրային դպրոցը ԲԵ դպրոց մըն է,

աշակերտը կրնայ գաւառի մէկ այլ, ոչ»ԲԵ դպրոց փոխանցում խնդրել,

փոխադրութեան վճարովի ծախսով, պարզապէս դիմելով գաւառին:



Բնակութեան գաւառը պիտի վճարէ փոխադրութեան ծախսը։ Վճարովի

փոխադրութեամբ փոխանցուելու իրաւունք ունեցող աշակերտներու թիւը կրնայ

սահմանափակուիլ այդ փոխադրութիւնը ապահովելու համար գոյութիւն ունեցող

նպաստին գումարով: Եթէ բաւարար նպաստ չկայ, նախապատուութիւն կը տրուի

ամենացած եկամուտ ունեցող ընտանիքներու ամենավատ արդիւնքը ունեցող

աշակերտներուն։ Այսուհանդերձ, միշտ նկատի ունեցէք որ կրնաք աշակերտի

փոխադրութիւն խնդրել ոչ-ԲԵ դպրոց մը առանց փոխադրութեան



Եթէ հետաքրքրուած էք ձեր զաւակը ԲԵ չեղող դպրոց փոխադրելու, հաճեցէք կապ

հաստատել -ի հետ [Name and contact information of county person] : Գաւառի յատուկ

գրասենեակը ձեզի կը տրամադրէ այս դպրոցներուն ցանկը եւ անոնց մակարդակին

վերաբերող մանրամասնութիէնները:



[County directions: If school choice is not available for lack of a non-PI school, a county may

select one of the following options:]



 Թէեւ իրաւունք ունիք ձեր աշակերտը ԲԵ չեղող դպրոց փոխադրել, ներկայիս

գաւառէն ներս այդ դասարանի յարմար ազատ տեղ չկայ: Հետեւաբար, առ այժմ

նման փոխադրութեան կարելիութիւն չկայ:



 Թէեւ իրաւունք ունիք ձեր աշակերտը ԲԵ չեղող դպրոց փոխադրել, ներկայիս

գաւարէն ներս այդ դասարանի յարմար ազատ տեղ չկայ: Նոյնն է պարագան

շրջակայ գաւառներու մէջ: Հետեւաբար, ներկայիս կը տրամադրենք

արտադպրոցական սերտողութիւն՝ կարիքը ունեցող աշակերտներու համար:

Հաճեցէք կապ հաստատել [Name and contact information of county person]-ի

հետ եթէ կ'ուզէք ձեր զաւակը սերտողութեան արձանագրել:









4

Notice of school identified for program improvement, for use by county offices of education.

T07-008 Armenian(Western), Sylfaen font

Page 5 of 7





Գաւառի Դպրոցները Ի՞նչ Կ'ընեն Աշակերտներու Մակարդակը Բարձրացնելու

Համար



[Name of county office of education] մօտէն կը գործէ [Name of school]-ի հետ

բարելաւելու Վարժարանի ուսման ծրագիրը, ուսուցումը եւ աշակերտի

յառաջդիմութիւնը: Հոս կը նշենք կարգ մը միջոցներ որոնք ի զօրու պիտի դառնան

դպրոցի երկրորդ կիսամեակի սկիզբը՝



[County directions: Examples might include the following steps:]



 Նոր տնօրէն մը նշանակած ենք, որ հարկ եղած փորձառութիւնը ունի դպրոցի

մակարդակը բարելաւելու:

 Ընթերցանութեան նոր ծրագիր մը սկսած ենք՝օգնելու համար այդ մարզին մէջ

տկար աշակերտներուն:

 Թուաբանութեան նոր ծրագիր մը սկսած ենք՝օգնելու համար այդ մարզին մէջ

տկար աշակերտներուն:

 Կը տրամադրենք արտադպրոցական սերտողութիւն՝ անգլերէնի եւ

թուաբանութեան մէջ կարիքը ունեցող աշակերտներու համար:

 Կը մարզենք մեր ուսուցիչները որպէսզի անոնք օգտակար ըլլան յատկապէս

յառաջդիմութեան կարիքը ունեցող աշակերտներուն:

 Պիտի աշխատինք որ ծնողները մասնակցինիրենց զաւակի ուսման

գործընթացին, դպրոցի եւ տան մէջ:





Մեր Նահանգը ի՞նչ Կ'ընէ Աշակերտներու Մակարդակը Բարձրացնելու



ՈՄԵՉ-ը կը պահանջէ որ նահանգը ստեղծէ նահանգային դրութիւն՝ օգնելու համար

այն դպրոցական շրջաններուն, որոնք ԲԵ-ի մէջ եղող դպրոցներ ունին: Մեր

նպատակը այն է որ ԲԵ դպրոց յաճախող աշակերտներ բարելաւուին եւ դուրս գան ԲԵ

վիճակէն: Քալիֆորնիան այս գծով կը տդրամադրէ տեղեկութիւններ, յատուկ

օժանդակութիւն եւ յաւելեալ հնարաւորութիւններ ԲԵ դպրոցներուն:





[Name of county office of education] կը գործէ նահանգին եւ այլ հաստատութիւններու

հետ՝ օժանդակելու համար [Name of school] դպրոցին, որպէսզի ան բարելաւէ իր

աշակերտներուն մակարդակը: Հոս կը նշենք կարգ մը միջոցներ որոնք ի զօրու պիտի

դառնան դպրոցի երկրորդ կիսամեակին սկիզբը՝



[County directions: Examples might include the following steps:]





5

Notice of school identified for program improvement, for use by county offices of education.

T07-008 Armenian(Western), Sylfaen font

Page 6 of 7









 Մասնագէտներէ բաղկացած խումբ մը պիտի հսկէ ու վերանայի վարժարանի

ուսումնական ծրագիրը՝ բարելաւման միջոցներ որոնելու համար.

 Մասնագէտներէ բաղկացած խումբ մը պիտի վերամշակէ վարժարանի

ուսումնական ծրագիրը.

 Ուսուցիչներու յատուկ սեմինարներ պիտի կատարուին որպէսզի անոնք աւելի

լաւ կերպով դասաւանդեն անգլերէն լեզուի եւ թուաբանութեան նիւթերը:

 Դպրոցը ի գործ պիտի դնէ նոր ծրագիր մը, որ աւելի համաձայն է նահանգի

ծրագրին՝ անգլերէն լեզուի եւ թուաբանութեան մէջ:





Ծնողները Ինչպէ՞ս Կրնան Օժանդակել Իրենց Զաւակներու Բարելաւման:



Թէեւ դժուար է միշտ ժամանակ գտնել, ստորեւ կու տանք կարգ մը օրինակներ այն

մասին, թէ ինչպէ՞ս կրնաք օգնել ձեր աշակերտին:



1. Զարգացուցէք ձեր ծանօթութիւններըՈՄԵՉ-ի մասին եւ մտածեցէք

աշակերտներու աշխատանքն ու մակարդակը բարելաւելու ձեւերու մասին:

Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւն կրնաք քաղել հետեւեալ կայքէջերէն՝



 Քալիֆորնիա նահանգի Կրթական Բաժանմունք

http://www.cde.ca.gov/sp/sw/t1/titleparta.asp եւ

http://www.cde.ca.gov/ta/ac/ay/tidetermine.asp



 Միացեալ Նահանգներու Կրթական Բաժանմունք

http://www.ed.gov եւ http://www.ed.gov/parents/landing.jhtml



2. Ներկայ գտնուեցէք դպրոցի Site Council-ի ժողովներուն, որոնք կոչուած են

վերամշակելու ուսումնական ծրագիրը: Ծրագիրը պէտք է անդրադառնայ այն

հարցերուն, որոնք դպրոցը ԲԵ դառնալու պատճառ հանդիսացած են։:



3. Այցելեցէք ձեր զաւկին յաճախած վարժարանը. կրնաք նաեւ կամաւոր

աշխատանք կատարել կացութիւնը բարելաւելու համար:



4. Մասնակից եղէք ծնողներու յատուկ ձեռնարկներուն: Հետազօտութիւնները

ցոյց կու տան, որ աշակերտները աւելի լաւ արդիւնքներ կ՝ունենաներբ

ծնողները մասնակից կ՝ըլլանանոնց ուսման վերաբերող հարցերուն:









6

Notice of school identified for program improvement, for use by county offices of education.

T07-008 Armenian(Western), Sylfaen font

Page 7 of 7





Կը յորդորեմ ձեզ կապ հաստատելու [Name and contact information of LEA] -ի հետ

յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, ինչպէս նաեւ բարելաւման այս ծրագրի

յաջողութեան գծով ձեր մասնակցութեան մասին :



Յարգանօք՝





[Name of superintendent]

[Name of county office of education]









[NOTE TO LOCAL EDUCATIONAL AGENCIES (LEAS): As a form of assistance to

LEAs, the California Department of Education (CDE) offers this translation free of

charge. Because there can be variations in translation, the CDE recommends that

LEAs confer with local translators to determine any need for additions or

modifications, including the addition of local contact information or local data, or

modifications in language to suit the needs of specific language groups in the

local community. If you have comments or questions regarding the translation,

please e-mail the Clearinghouse for Multilingual Documents (CMD) at

cmd@cde.ca.gov.]









7


Related docs
Other docs by DustinHarris
Lemon tart
Views: 32  |  Downloads: 1
W 158 (29)
Views: 16  |  Downloads: 0
Datganiadau o Bolisi Rhaglenni'r BBC 20082009
Views: 4  |  Downloads: 0
İSTANBUL-3 NOLU SEÇİM ÇEVRESİ
Views: 313  |  Downloads: 0
BBC CYMRU WALES
Views: 27  |  Downloads: 0
Byw ein Gwerthoedd Cyhoeddus
Views: 39  |  Downloads: 0
Guide to Conflict of Interest
Views: 27  |  Downloads: 1
By registering with docstoc.com you agree to our
privacy policy

You are almost ready to download!

You are almost ready to download!