Sample Physical Fitness Test Newsletter
T08-220, Armenian (Western) Sylfaen Font
Page 1 of 2
[Physical Fitness Test]
[Sample Newsletter Insert]
[Directions: Before this newsletter is distributed, be sure to insert the information required
[indicated by bold type]
[insert month(s)] ամսուն, մեր [insert grade level] կարգի աշակերտները պիտի մասնակցին
Քալիֆորնիոյ Մարմնական Պատշաճութեան Քննութեան (Physical Fitness Test, PFT).
FITNESSGRAM®-ը պարտադիր տարեկան PFT է Քալիֆորնիոյ հանրային դպրոցներու
հինգերորդ, եօթերորդ և իններորդ կարգերու աշակերտութեան համար: Առողջութեան
վերաբերող այս քննութիւնը մշակած է Քուփըր Հիմնարկը, որպէսզի աշակերտութեան օգնէ,
որ ձեռք բերեն մինչև իրենց կեանքին վերջը տևող սովորական մարմնական
գործունէութեան սովորութիւններ:
FITNESSGRAM®-ը կ՚ընդգրկէ պատշաճութեան գլխաւոր մարզերու համար քննութիւններ,
ներառեալ՝ էրոպիքի (aerobic) կարողութիւնը, մարմնի կառուցուածքը, որովայնային
զօրութիւնն ու տոկունութիւնը, իրանի մկաններուն զօրութիւնն ու ճկունութիւնը, մարմնի
վերին մասի զօրութիւնը և տոկունութիւնը, ինչպէս նաև ճկունութիւնը: FITNESSGRAM®-ի
պատշաճութեան մարզերու մեծ մասին համար կան քննութեան երկու կամ երեք
տարբերակներ, որպէսզի բոլոր աշակերտները, ներառեալ յատուկ կարիք ունեցողները,
PFT-ին մասնակցելու առաւելագոյն պատեհութիւնը ունենան: Պատշաճութեան
տարբերակաւոր մարզերու պարագային, տարբերակներէն միայն մէկը կը տեղեկագրուի
իւրաքանչիւր աշակերտի համար:
FITNESSGRAM®-ի իւրաքանչիւր պատշաճութեան մարզի մէջ կատարողութիւնը գնահա-
տելու և տեղեկագրելու համար հաստատուած են երկու մակարդակներ՝ (1) Առողջ Պատշա-
ճութեան Գօտիին մէջ (Healthy Fitness Zone, HFZ) և (2) բարելաւման կարօտ (այսինքն՝ HFZ-
ի մէջ չէ): Իւրաքանչիւր քննական տարբերակի համար կատարողութեան բաղձալի
թիրախը HFZ-ն է, որ կը ներկայացնէ պատշաճութեան այնպիսի մակարդակ, որ մարմնա-
կան անգործութեան հետևանքով առաջացած հիւանդութիւններու դէմ որոշ
պաշտպանութիւն կ՚ընծայէ: HFZ-ը գերազանցող նիշերով աշակերտները կը նկատուին
HFZ-ի մէջ գտնուողներ:
Մեր աշակերտներն իրենց արդիւնքները պիտի ստանան PFT-ն ամբողջացնելէ ետք: Այս
արդիւնքները աշակերտութեան պիտի օգնեն հասկնալ իրենց անհատական
պատշաճութեան մակարդակները: Աշակերտները իրենց ծնողներուն, խնամակալներուն և
մարմնամարզանքի դասատուներուն հետ պէտք է համարձակօրէն խօսին այս արդիւնք-
ներուն մասին: Ծնողներն ու խնամակալները այս արդիւնքները կրնան գործածել, որպէսզի
օգնեն, որ իրենց զաւակները ծրագրեն պատշաճութեան յարմար գործունէութիւններ:
Եթէ որևէ հարցում ունիք ձեր զաւկին PFT-ին մասնակցելու, FITNESSGRAM®-ին կամ
քննութեան արդիւնքներուն մասին, հաճեցէք դիմել [insert name and telephone number]: PFT-
ի մասին տեղեկութիւններ տրամադրելի են նաև (անգլերէնով) Քալիֆորնիոյ Կրթական
Sample Physical Fitness Test Newsletter
T08-220, Armenian (Western) Sylfaen Font
Page 2 of 2
Բաժանմունքի (California Department of Education, CDE) Մարմնական Պատշաճութեան
Քննութեան կայքէջին վրայ՝ http://www.cde.ca.gov/ta/tg/pf/:
[NOTE TO LOCAL EDUCATIONAL AGENCIES (LEAS): As a form of assistance to
LEAs, the California Department of Education (CDE) offers this translation free of
charge. Because there can be variations in translation, the CDE recommends that
LEAs confer with local translators to determine any need for additions or
modifications, including the addition of local contact information or local data, or
modifications in language to suit the needs of specific language groups in the
local community. If you have comments or questions regarding the translation,
please e-mail the Clearinghouse for Multilingual Documents (CMD) at
cmd@cde.ca.gov.]